Sammanfattning
Abstract in Armenian
Գրականագէտ Հարոլդ Պլում յայտնած է, թէ մարդ պէտք է ըլլայ «կոյր, խուլ եւ համր չհասկնալու համար, որ Շէյքսփիրի հոյակապ, երկդիմի Վենետիկի Վաճառականը… խորապէս հակասեմական գործ մըն է»։ Նման կարծիքներ ընդհանրացած են նաեւ ակադեմական աշխարհէն դուրս։
Օթելլոյի եւ Անսանձ Կնոջ Սանձահարումին հետ, Վենետիկի Վաճառականը անհանգստութեան մատնող երրորդութեան մը մաս կը կազմէ, որ ժամանակ առ ժամանակ բարոյական արգելափակման մէջ կը դրուի հակասեմականութեան, ցեղապաշտութեան, եւ կնատեցութեան ամբաստանութիւններու պատճառով։
Մեր դիւրագրգիռ ներկային այս թատերախաղերուն վարկը շատ աւելի խախուտ դարձած է։ Սակայն, երբ 2015-16ին այս յօդուածին հեղինակը Վենետիկի Վաճառականը բեմադրեց իր համալսարանական աշակերտներու խումբին հետ, բեմադրիչը եւ աշակերտները ուրիշ շատ աւելի եզրեր նշմարեցին. «մեծածաւալ անմարդկային» մարդոց վարքին շուրջ անմար հեծեծանք մը, ողորմելիներուն նուիրուած տխուր երգ մը եւ մտախոհութիւն մը սիրոյ դաժան վերիվայրումներուն մասին։ Լինտըլլ այս նիւթերուն կ՚անդրադառնայ յօդուածին մէջ։

Bidragets översatta titel | «Աւելիին արժանի չե՞մ»: տարաշխարհիկներ, խեղճացածներ եւ մերժուածներ Վենետիկի Վաճառականին մէջ (Title in Armenian) |
---|---|
Originalspråk | engelska |
Sidor (från-till) | 187-197 |
Antal sidor | 11 |
Tidskrift | BASZMAVEP (Rivista di Studi Armenistici) |
Volym | 2019 |
Nummer | 3-4 |
Status | Published - 2019 |
Ämnesklassifikation (UKÄ)
- Språkstudier
- Litteraturvetenskap